2015-10-27 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` ''Ծնողներ ժամանակ յատկացուցէք ձեր զաւակներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 27 հոկտեմբեր 2015-ին, Ընտանիքի մասին անցեալ օրերուն գումարուած  եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աւարտին որ եզրափակուեցաւ անցեալ Կիրակի 25 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութեան զոր գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին վերոնշեալ սիւնհոդոսի ժողովական հայրերը, Նորին Սրբութիւնը նոր թուիթ մը հրատարակեց որուն մէջ ակնարկելով ընտանիքին ու յատկապէս ծնողներու եւ զաւակներու միջեւ յարաբերութեան առաջիններուն յորդոր ուղղեց ժամանակ յատկացնելու իրենց զաւակներուն մատնանշելով թէ այս մէկը ամենօրեայ կարեւորագոյն գործերէն մին է։

''Ծնողներ, գիտէ՞ք ''ժամանակ կորսնցնել'' ձեր զաւակներուն հետ։ Այս մէկը ամենակարեւոր գործերէն մին է զոր կրնաք կատարել ամէն օր'' գրեց Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.